2013-07-07 11:05:47

''Իմ Փափաքս Է Միսիոնարական Եկեղեցի Մը Ունենալ` Եկեղեցի Մը Որ Միշտ Կը Յառաջանայ'' Ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։


Շաբաթ 6 յուլիսի երեկոյեան Նորին Սրբութիւնը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հանդիպելով նորընծաներուն եւ կղերական կեանքի թեկնածու 6000 աւելի երիտասարդ ու երիտասարդուհիներուն, որոնք Հաւատոյ տարուայ առթիւ, կը մասնակցին Սուրբ Պետրոսի Դամբանին կատարուած ուխտագնացութեան մը, անոնց արտասանեց երկարաշունչ եւ անպատրաստից ճառ յորդորելով ներկաները ապրելու իրենց կեանքը նուիրումով, հեզութեամբ, արդար դատողութեամբ, բաց, հարազատ եւ հետեւողականութեամբ։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ ցաւ յայտնեց ի տես շատ մը քահանաներու եւ մայրապետներու աշխարհի հրապուրիչ նորոյթներու ձգտումին։ ''Անկեղծօրէն կ՛ըսեմ որ ինծի մեծ ցաւ կը պատճառէ տեսնել քահանայ մը կամ մայրապետ մը որ վերջին նորոյթ իքնաշարժով կը շրջի'' կարելի չէ։ Ո՛չ - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւելցուց - Այս անձերը թող մտաբերեն թէ որքան մանուկներ աշխարհի մէջ անօթութենէ կը տառապին։ Յայտնենք թէ այս առընչութեամբ, շաբաթ 6 յուլիսի առաւօտեան մատուցած իր պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ եւս Սրբազան Քահանայպետը յայտնած էր թէ կը փափաքի ''վերանորոգուած Եկեղեցի մը ունենալ'' եւ թէ ''պէտք չէ վախնալ Եկեղեցւոյ կառոյցները վերանորոգելէ'' որովհետեւ ''Եկեղեցւոյ մէջ եւս կան հինցած կառոյցներ''։
Կղերական Կեանքի նուիրեալ անձերու ուղղած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկեց թէ ''ւսկական ուրախութիւնը կը բխի հանդիպումէն, ուրիշներու հետ յարաբերութենէն, կը բխի փոխադարձ հասկացողութենէն, ընդունելութենէն ու սէրէն։'' Եւ այս է որ Աստուած կ՛ուզէ մեզի հասկցնել, երբ մեզ կը կոչէ Ան կ՛ըսէ ''դուն ինծի համար շատ կարեւոր ես, քեզ կը սիրեմ ու քու հետդ եմ''։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց ըլլալու ''ուրախ եւ ժպտադէմ առաքեալներ'' որովհետեւ Յիսուսի հետ հանդիպումը ուրախութիւն կը յառաջացնէ - ըսաւ Ան - մատնանշելով հետեւողականութեան կարեւորութեան որպէսզի վկայութիւնը ըլլայ հաւատալի։
Եզրափակելով 45 վայրկեանէ աւելի տեւած իր ճառը ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ իր փափաքն է ունենալ միսիոնարական Եկեղեցի մը ` Եկեղեցի մը որ միշտ կը յառաջանայ։ Ու խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ Յառաջ` ուրախութեամբ, հետեւողականութեամ եւ ճշմարտութիւնը հռչակելու քաջութեամբ։ Հովութեան պտղաբերութեամբ։Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.